2014-09-04 12:11:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Շիմոն Փերեսի հետ հանդիպում։


Հինգշաբթի, 4 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենակին մէջ ընդունեց Իսրայէլի նախկին նախագահ` Շիմոն Փերեսը, որուն հետ մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին քննարկեց Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ի սպաս ձեռնարկներու ինչպէս նաեւ Իսրայէլ – Պաղեստինեան բանակցութիւններու գործընթացը։ Հանդիպման ընթացքին Նախագահ Փերես քահանայապետին առաջարկեց հիմնել կրօններու ՄԱԿ-մը որուն նախագահութիւնը ստանձնէ նոյնինք Քահանայապետը։ Նաշագահ Փերեսին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Յորդանանի Հաշեմիթ թագաւորութեան իշխան` Էլ Հասան Պին Թալալն ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Իշխանը Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուց կրօնական երկխօսութեան ի խնդիր իր գործունէութիւնները։
Ժամը 11,15-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Քամերունի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Յայտնենք որ Քամերունի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները, 1 – 6 Սեպտեմբեր 2014, հռոմ ժամանած են հանդիպումներ ունենալու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, եւ Սուրբ Աթոռի զանազան գրասենեակներու պատասխանատուներուն հետ, անոնց փոխանցելու իրենց թեմերուն մտահոգութիւնները ու միասնաբար քննարկելու հարցերու պատշաճ լուծումներ։
Յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ընդունի ''Սքոլաս Օքուրէնդէս'' կազմակերպութեան տնօրէններու համաշխարհային հաւաքի մասնակիցները։








All the contents on this site are copyrighted ©.